2012-03-05 12:26:42

<<Մի Ամչնաք Քրիստոնէական Ձեր Հաւատքը Դաւանելու Եւ Քառասնորդացը Ապրելու Ձեր Առօրեային Մէջ>> Ըսաւ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը


Կիրակի օրուայ Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքի ընթացքին խօսքը ուղղելով Սուրբ Պետրոսի հրապարակը համախմբուած երիտասարդ ուխտաւորներուն Սրբազան Քահանայապետը ըսաւ <<Մի ամչնաք քրիստոնէական ձեր հաւատքը դաւանելու եւ քառասնորդացը ապրելու ձեր առօրեային մէջ>>. ու աւելցուց <<դուք ձեզ զրկեցէք ոչ թէ երկրային ձեր տարիքի հարմար սննդարար ուտեստեղեններէ այլ ամէն այն արարքներէ որ ձեզ կը հեռացնեն Աստուծմէ եւ բարեկամներէն>>։ Սրբազան Հայրը ապա հաստատեց որ Քրիտոնեաները պէտք են ըլլալ բարի եւ ողորմած բոլոր կարիքաւորներուն հանդէպ>> հուսկ նշեց որ ամէնքն ալ պէտք ունին ներքին լոյսի մը դիմագրաւելեու համար կեանքի մարտահրաւէրները եւ այս լոյսը կու գայ Աստուծմէ ու մեզի կը շնորհուի Քրիստոսի միջոցաւ։ Նոյնիսկ ամէնէ մութ գիշերուան մէջ Յիսուս այն ճրագն է որ երբէք չի մարիր։








All the contents on this site are copyrighted ©.